2013-11-11 13:43:24

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` 150 հազար տոլար Փիլիպեան Կղզեախումբի բնական աղէտի զոհերուն։


Երկուշաբթի, 11 նոյեմբեր, առաւօտեան` Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, իր գրասենեակի մէջ յաջորդաբար ընդունեց` Հոլանտայի մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Անտրէ Տուբոյը, Տոմինիքեան հանրապաետութեան մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Ժիւտ Թատէուս Օգոլօ, Մալայիզիայի մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Ժոզէֆ Մարինօ ու ապա գերապայծառ Ժան Գլոտ Բէրիսսէն։ Ժամը 12-ին Սրբազան Հայրը ընդունեց` Գերմանիոյ Րէկէնզպուրկ թեմի եպիսկոպոս` գերապայծառ Րուտոլֆ Վոտէրհոլզէր։
Յայտնենք որ ի լուր Փիլիպեան կղզիները հարուածած «Հայիան» բուռն Մրրիկի պատճառած լայնածաւալ մարդկային եւ նիւթական վնասներուն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը, անցեալ շաբաթ 9 նոյեմբերին, թուիթերեան իր կայքի վրայ հրատարակեց թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրեց հաւատացեալները միանալու իրեն աղօթքներուն ու ապա կիրակի օրուայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին կոչ ուղղեց Փիլիպեան կղզիներու բնակչութեան` հասցնելու ''գործնական ու վճռական օժանդակութիւն''։
Սուրբ Աթոռի ''Գոր Ունում'' բարեսիրական մարմնի միջոցաւ, Ֆրանչիսկոս Պապը սահմանեց տառապեալ բնակչութեան ուղարկել` 150 հազար տոլար, որպէս շտապ ու առաջին օգնութիւն եւ որպէս հոգեւոր մօտիկութեան արտայայտութիւն ու քաջալերանք ։
Ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կոչին, Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւք դասը եւս, 3 միլիոն եւրօ յատկացուցած է, մինչ Իտալիոյ գարիթասը 100 հազար եւրօ օժանդակութիւն տրամադրած է։
Յայտնենք որ մինչեւ 19 նոյեմբեր Փիլիպեան կղզիներու համայն եկեղեցիներու մէջ կազմակերպուած են աղօթքի իննօրեաներ ''Հայիան'' մրրիկի զոհերուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.